By Asbarez | Monday, 16 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, Արմէնփրէս.– Հայաստանի դրամատնային համակարգէն օգտուող յաճախորդներուն թիւը 2013ին աւելցած է 18 տոկոսով՝ կազմելով 1.9 միլիոն: Այդ աճը գրեթէ ամբողջովին պայմանաւորուած է պարզ անձ հանդիսացող յաճախորդներու թիւի աճով, որուն թիւը տարեվերջին եղած է 1.8 միլիոն:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է տարեկան հաշուետուութիւնը, որուն համաձայն, դրամատնային համակարգին մէջ յաճախորդներուն հաշիւներուն թիւը աւելցած է 20 տոկոսով՝ կազմելով 3.2 միլիոն, որուն մէջ 2.3 միլիոնը՝ ընթացիկ, 165 հազարը՝ ժամկէտային եւ 697 հազարը՝ վարկային հաշիւներ:
Շրջանառութեան մէջ գտնուող դրամատնային քարտերուն ընդհանուր թիւը՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով աւելցած է 18 տոկոսով եւ կազմած է 1.6 միլիոն:
Հայաստանի տարածքին նախորդ տարի վճարումներու քարտերով կատարուած է 1 եռիլիոն 108 միլիոն դրամի գործառնութիւն: Քարտերով անկանխիկ վճարումներուն թիւը աւելցած է 16 տոկոսով եւ կազմած 105.8 միլիառ դրամ:
Նախորդ տարուան աւարտին յաճախորդներուն վճարումներու քարտերու տրամադրումը կամ անոնց սպասարկումը կատարուած է Հայաստանի մէջ գործող 19 առեւտրական դրամատուներու կողմէ: Ընդ որում, բոլոր դրամատուներն ալ կ՛անդամակցին «Արքայ» քարտերով վճարումներու միասնական համակարգին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ