Քառեակը սկզբունքով դէմ է պարտադիր բաղադրիչին ինչ ձեւով ալ ըլլայ անիկա

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ազգային ժողովի Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան գրասենեակին մէջ 16 Յունիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քառեակի հերթական փակ հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին նաեւ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամներ:


Նախքան հանդիպումը, ՀԱԿի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան, որպէս միջանկեալ տեղեկատուութիւն, լրագրողներուն յայտնած է, որ հանդիպումին նիւթը պիտի ըլլայ կառավարութեան ներկայացուցած «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի նախագիծը:

Ան դիտել տուած է, որ քառեակը սկզբունքով դէմ է պարտադիր կուտակային բաղադրիչին՝ ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ անիկա՝ քօղարկուած կամ չքօղարկուած:
Երկրորդ խնդիրը, ըստ անոր՝ խտրականութիւնն է սերունդներուն միջեւ. «Չի կարող տարածուել մի մասի վրայ, միւսի վրայ՝ չէ, քառեակը շարունակում է կողմ մնալ սերունդների համերաշխութեան սկզբունքին», յայտ-նած է Զուրաբեան:


comments