292 միլիոն դրամ՝ Երեւանի փողոցներու վերանորոգման եւ սալիկապատման համար

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Մաշտոցի պողոտային վրայ տեղի կ՛ունենան մայթերու վերանորոգման աշխատանքներ: Հին սալայատակները կը վերցուին եւ անոնց փոխարէն կը տեղադրուին նորերը: Այս գործընթացը խորքին մէջ բաւական թանկ հաճոյք է, քանի որ այդ նպատակով մայրաքաղաքի պիւտճէէն բաւական գումարներ կը յատկացուին:


Երեւանի քաղաքապետարանին հրապարակած յայտարարութեան համաձայն՝ Երեւանի փողոցներու մայթերու վերանորոգութեան (սալիկապատման) աշխատանքները կ՛արժեն 292 միլիոն 500 հազար դրամ կամ աւելի քան 700 հազար տոլար: Քաղաքապետարանը այս նպատակով նախատեսած էր 293 միլիոն դրամ, սակայն, »Բիդէք« ընկերութիւնը առաջարկած է, որ նշուած աշխատանքները ինք կատարէ նախատեսուած առաւելագոյն արժէքէն հինգ հարիւր հազար դրամ նուազ գումարով. այս համաձայնութեան լոյսին տակ կնքուած է համապատասխան պայմանագիր։

Ըստ համաձայնութեան՝ Երեւանի փողոցներու սալիկապատման աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ 25 Հոկտեմբեր:

«Ի դէպ, Մաշտոցի պողոտայի սալիկները՝ տեղադրման ժամկէտի տեսանկիւնից, այդքան էլ հին չեն, սակայն, իրենց քայքայուածութեամբ կարելի է կարծել, որ դրանք մի քանի տասնամեակ առաջ են տեղադրուել: Իրականութիւնը սակայն այն է, որ այդ սալիկները՝ տեղադրուելուց յետոյ որպէս կանոն, մինչեւ առաջին ձմեռն են պահպանում իրենց տեսքը: Իսկ ձմռանից յետոյ սալիկները սկսում են քայքայուել: Ուստի, այս տեսանկիւնից ուշագրաւ կը լինի, թէ այս օրերին երեւանի փողոցներում տեղադրուող սալիկները որքան «կեանք կ՛ունենան»», կը գրէ «Փանորամա»ի թղթակիցը։


comments