By Asbarez | Monday, 16 June 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– «Հայաստանը չի կարող երբեւիցէ անդամակցել մի կազմակերպութեան, եթէ դա վնաս կարող է բերել Ղարաբաղին», յայտնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գ. Սահակեանը՝ պատասխանելով karabakh-life.am-ի այն հարցումին, թէ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու պարագային ինչպիսի՞ վտանգներու ենթակայ կ՛ըլլայ Արցախը, եթէ նկատի ունենանք, որ չի բացառուիր նաեւ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը նոյն կազմակերպութիւններուն։
«Մենք արդէն երկու տասնամեակ պայքարում ենք Արցախի համար, մենք այդ պայքարի մարտիկներն ենք եւ կապ չունի թէ, որ թիմն է իշխում՝ Արցախի խնդրի հանդէպ բոլորի դիրքորոշումը նոյն է: Պէտք է պարզապէս մոռանալ այդպիսի մտքերը՝ մաքսային կէտեր եւ այլն: Նման բան երբեք չի լինելու», յայտնած է Գ. Սահակեանը:
Նոյն հարցումին ի պատասխան՝ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան յայտնած է . «1993ից սկսած Արցախը եւ Հայաստանը բոլոր կարգի յարաբերութիւնները, ինտէգրացիոն գործընթացները հասցրել են բարձր մակարդակի: Տարբեր են միայն կարգավիճակները՝ ճանաչուած ու չճանաչուած: Հէնց այս հանգամանքն էլ, երբեմն, կարող է հարցադրումներ առաջ բերել, մասնաւորապէս, միջազգային կազմակերպութիւնների հետ համագործակցելու հարցերում, սակայն, մեր յարաբերութիւնները ոչ մի մակարդակում չեն կարող տուժել միջազգային հարթակներում ընթացող գործընթացներից: Սա այնքան պարզ է, որ, նոյնիսկ, ապացուցելու կարիք չունի»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ