By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014
ԷՋՄԻԱԾԻՆ.– 18 Յունիսին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքին պիտի սկսի Մայր աթոռի միաբաններու վեցերորդ համագումարը, որուն մասնակցելու նպատակով Էջմիածին հասած միաբաններուն հետ 16 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։
«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան ընդգծեց, որ Հայոց Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ այս հաւաքը առիթ պիտի ըլլայ խոկման, միաբանական ծառայական ուխտի նորոգութեան եւ հոգեւոր առաքելութեան արժեւորման ու իմաստաւորման համար: Ան վերահաստատեց Սուրբ Էջմիածինի հանդէպ միաբաններուն հաւատարմութիւնը եւ Ամենայն հայոց հայրապետին զինակցութեան ուխտը՝ վստահեցնելով, որ իրենց ծառայութեամբ բոլորը պիտի շարունակեն մնալ նուիրեալ մշակները հայոց ազգին, հայրենիքին եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին:
Այնուհետեւ ներկաներուն հայրապետական իր պատգամն ու օրհնութիւնը տուաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Գնահատելով միաբաններուն՝ Մայր աթոռին հանդէպ հաւատարմութիւնն ու հաւատաւոր ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ամբողջանուէր ծառայութիւնը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հաստատեց, որ միաբանութեան շարքերու խտացումը ո՛չ միայն իրեն ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն կը պարգեւէ, այլ նաեւ հաւատք եւ յոյս կը ներշնչէ հաւատաւոր հայ ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ապագային նկատմամբ: Կաթողիկոսը ողջունեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը այս ժողովին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գնահատանքով արձանագրեց, որ շնորհիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներուն եւ ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակներուն ծառայական նուիրումին եւ համատեղ աշխատանքին, եկեղեցին կը պայծառանայ, եւ տարուէ տարի կ՛աւելնայ եկեղեցական-հոգեւոր կեանքին մէջ ներգրաւուող հայորդիներուն թիւը: Ան ցաւով նշեց, որ այս ուղիին վրայ երբեմն կը ծագին եկեղեցականութիւնն ու եկեղեցւոյ հետեւորդները անհանգստացնող անփափաքելի ու աւերիչ երեւոյթներ, եւ յորդորեց եկեղեցականները՝ ամէն ջանք ի գործ դնել եւ նախանձախնդիր, օրինակելի ծառայութեամբ աւելիով ջանալ ժողովուրդը հեռու պահել կործանարար ընթացքներէն, համախմբել հայրերու ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն շուրջ:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մաղթեց, որ յառաջիկայ համագումարին իւրաքանչիւր միաբան կարելիութիւն ունենայ անդրադարձ կատարելու իր ծառայական կոչման, եւ որ հաւաքը դառնայ հոգեւոր նորոգութեան, ինքնաքննութեան գեղեցիկ առիթ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ