«Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցելուց յետոյ հեռանկար է բացւում նաեւ Վրացի գործարարների համար». Սերժ Սարգսեան

By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 18 Յունիսին տեղի ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Այնուհետեւ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Գիորգի Մարկվելաշվիլի ունեցած են առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող ընդգրկուն հարցեր եւ ապագայ համագործակցութեան հեռանկարներ: Անոնք անդրադարձած են տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային նախագիծերուն, կրթութեան բնագաւառի հարցերուն եւ ուշադրութիւն դարձուցած են զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն:

Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները բանակցութիւններէն ետք տուած են մամլոյ ասուլիս մը։

«Ես կ՛ընդգծեմ Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները, ուր դրական զարգացումներ նկատելի են, եւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ պաշտօնակիցիս՝ Սերժ Սարգսեանին, մանաւանդ այն առումով, որ բոլոր հիմնական ուղղութիւններուն մէջ մեր հայեացքները կը համընկնին, մասնաւորաբար մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ։ Մենք լաւատես ենք մեր երկիրներու ապագային նկատմամբ», դիտել տուած է Մարկվելաշվիլին:
Սերժ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնած է այս այցելութեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով, որ գործնական եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւնները եւ քննարկումները պիտի առաջնորդեն փոխշահաւէտ համագործակցութեան նոր հեռանկարներու ստեղծման:

«Հայ-վրացական գործընկերութեան հետեւողական ամրապնդումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններից է: Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում առկայ փխրուն կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան արդիւնաւէտութեամբ եւ ամրութեամբ: Մենք մշտապէս յարգել ենք միմեանց որոշումները՝ գիտակցելով, որ իւրաքանչիւրիս առաջնահերթ նպատակն է սեփական պետութեան ամրապնդումը եւ ուրախացել ենք դրանով, քանի որ Հայաստանն ու Վրաստանը ուժեղ են միմեանցով եւ միմեանց հետ: Ակտիւ քաղաքական երկխօսութիւնը լաւագոյն խթանն է տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման համար:

Մենք կարեւորեցինք հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովի եւ տարբեր խմբերի աշխատանքը, պայմանաւորուեցինք, որ պէտք է ակտիւացնել այդ շփումներն ու փոխանակումներն: Սա հնարաւորութիւն կը տայ այդ խմբերին քննարկել նախկինում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների արդիւնքները եւ, ի հարկէ, ձեռք բերել նոր պայմանաւորուածութիւններ: Անդրադարձանք, անշուշտ, նաեւ Հայաստանի մասնակցութեանը Եւրասիական տարածաշրջանում ծաւալուող ինտեգրացիոն գործընթացներին: Մեր վրացի գործընկերներին ներկայացրեցինք այս ուղղութեամբ արդէն իսկ կատարուած աշխատանքները եւ հետագայ ծրագրերը, մասնաւորապէս՝ այս համատեքստում Վրաստանի հետ փոխշահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները: Ես խորապէս վստահ եմ, որ Վրաստանը Յունիսի 27ին ստորագրելով Ասոցացման համաձայնագիր եւ մաս դառնալով Ազատ առեւտրի պայմանագրին՝ հնարաւորութիւն է ստեղծում հայ գործարարների համար, որոնք տեսնում են իրենց մասնակցութիւնը եւրոպական շուկայում, ներդրումներ կատարել Վրաստանում եւ հակառակն եմ տեսնում՝ Մաքսային միութեանը Հայաստանի անդամակցելուց յետոյ հեռանկար է բացւում այն վրացի գործարարների համար՝ ներդրումներ կատարելու Հայաստանում, ովքեր ունեն կամ կարող են ունենալ շուկայ Ռուսաստանի Դաշնութիւնում կամ Մաքսային միութեան այլ երկրներում:

Ի հարկէ, տարածաշրջանային անվտանգութեան համատեքստում երկուստեք կարեւորեցինք միջազգային հարթակներում արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, միմեանց համար զգայուն հարցերի նկատմամբ հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշման պահպանումը: Սա եւս չափազանց կարեւոր հանգամանք է: Վրաստանի նախագահի հետ մենք միակարծիք ենք, որ բոլոր հակամարտութիւնների համապարփակ կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներին համապատասխան», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

 


comments