«Քառեակի միակ սխալը Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը չպահանջելն է». ՀԱԿ

By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Միակ սխալը, որ քառեակն արել է, այն է, որ չի պահանջել Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը»։ Այս յայտարարութիւնը կատարած է քառեակի անդամ, Հայ Ազգային Կոնգրես (ՀԱԿ) խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանը՝ անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի այն կարծիքին, թէ քառեակը իշխանութեան 12 պահանջներ ներկայացնող գրութեան մէջ շարադրական սխալներ կատարած է:

«Այդ փաստաթուղթ կազմողները ամենայն հաւանականութեամբ մի քիչ շտապողականութիւն են ցուցաբերել եւ որոշակի լեզուաշարադրական բացթողումներ են ունեցել, որովհետեւ եթէ նպատակը համագործակցութիւնն է, ապա այդպիսի փաստաթղթերից պէտք է բացառուեն «պահանջում ենք», «պարտադրում ենք» բառերը», դիտել ըսած էր Սերժ Սարգսեան։

«Միակ լեզուաշարադրական սխալը, որ քառեակ արել է, այն է, որ Սերժ Սարգսեանի հեռացումը չի պահանջել: Դա էլ կը շտկենք՝ շատ շուտ», հաստատած է Զուրաբեան:

ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեանն ալ հեգնելով ըսած է, որ պէտք է այդ 12 «դաժան» պահանջները ետ առնել, ուղղել սխալը եւ պահանջել բառը փոխարինել «համագործակցել» բառով:

«Ես չգիտեմ՝ ոնց եմ մեղքերս քաւելու: Էս ընթացքում մեր խմբակցութիւնը ուզում էր համագործակցել ու չէր կարողացել: Ինքը ուղղեց, որ դա լեզուական սխալ է, հիմա պիտի փորձենք մեր կուսակցութեանը համոզել, որ ամբողջ թափով գնանք համագործակցելու Սերժ Սարգսեանի հետ», նշած է Մանուկեան:
Քառեակի այլ անդամ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւս հակադարձած է Սերժ Սարգսեանին՝ ըսելով, թէ իրենց պահանջները ներկայացնելու ատեն որեւէ սխալ չեն կատարած. «Մենք գիտենք ինչ ենք գրել եւ այո՛, պահանջում ենք, խնդրելու խնդիր չունենք: Պահանջում ենք, որովհետեւ բանը բանից վաղուց անցել է»:

«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանն ալ Սերժ Սարգսեանի դիտարկման պատասխանելով յայտնած է, որ 12 պահանջներուն մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր բառ ունի իր քաղաքական բովանդակութիւնը:

«Եթէ պարոն Սերժ Սարգսեանը մեր փաստաթուղթը դիտարկում է ընդամէնը որպէս մի փաստաթուղթ, որը պէտք է ենթարկուի լեզուաբանական, շարադասական, շարահիւսական վերլուծութիւնների, դա իր խնդիրն է», յայտնած է Յակոբեան:

«Ժառանգութիւն»ը եւ Դաշնակցութիւնը ընդգծած են, որ Սերժ Սարգսեանի 17 Յունիսի յայտարարութիւնները ցոյց տուին, որ իշխանութիւնները իրենց 12 պահանջները կատարելու փափաք չունին: Ռուբէն Յակոբեան ըսած է, որ ամբողջութեամբ դիտած է նախագահին հարցազրոյցը եւ իրեն համար պարզ դարձած է, որ իշխող ուժը այսօր պատրաստ չէ որեւէ դրոյթ իրականացնել, հակառակ անոր, որ սկիզբը իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ կը ծափահարէին իրենց՝ ըսելով, թէ կառուցողական առաջարկներ ներկայացուցած են:

«Բայց Սերժ Սարգսեանը բաւականին ուշադիր ընթերցել է, հասկանում է, որ իրականացնել այս պահանջները նշանակում է ինչ որ պահի հրաժարուել իշխանութիւնից», ըսած է ան:

Նկատի առնելով նախագահին յայտարարութիւնը, որ ոչ իշխանական ուժերուն պահանջները պիտի չկատարեն, հաւանակա՞ն է, որ քառեակը աւելի կանուխ հանրահաւաք կայացնէ՝ չսպասելով Սեպտեմբերի աւարտին, հարցուցած է թղթակիցը: Յակոբեանի համաձայն՝ այդ հարցը պէտք է քննարկուի քառեակին կողմէ, բոլոր պարագաներուն, իր կարծիքով, ընդհանրապէս իշխանութեան ժամանակ տալու որեւէ իմաստ չկայ:

«Ես կարող եմ մեր անունից ասել՝ այո՛, իշխանութիւնը իր ռէակցիայով ապացուցում է, որ նոյնիսկ պէտք չէ ժամանակ տալ, որովհետեւ իրենք ոչինչ չեն փոխելու: Հիմա այս պահին հնարաւո՞ր է ապահովել մասսայական միջոցառման այնպիսի մի որակ կամ նշաձող, որը հնարաւորութիւն տայ ինչ որ բան փոխել, պէտք է քննարկել: Բայց ինձ համար ի սկզբանէ պարզ էր, որ իշխանութիւնը պատրաստ չէ որեւէ արմատական քայլ կատարել, եւ ի պատիւ Սերժ Սարգսեանի՝ յայտարարեց, որ «մենք չենք պատրաստւում որեւէ կէտ, որը կարող է որոշակի համակարգային փոփոխութեան սկիզբ դնել, իրականացնելէ», նշած է Յակոբեանը:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններէն հասկցած է, որ իրենց պահանջները իշխանութիւնը դրած են անյարմար վիճակի մէջ: «Նրանք հասկանում են, որ աշնանը պէտք է պատասխան տան Ազատութեան հրապարակում հաւաքուած ժողովրդին: Հիստերիկ այս տուայտանքները եւ հակասական յայտարարութիւնները միայն դա են վկայում», նշած է Զուրաբեան:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեանը միակն էր, որ չէ ուզած ըսել, թէ ինչ տպաւորութիւն ունեցած է նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւններէն։ «Ես չգիտեմ, եկէք տպաւորութիւններով չանենք, թող յայտարարի», յայտնած է ան։

 


comments