Քառեակի պատգամաւորները գոհունակ են Ազգային Ժողովի քուէարկութիւնը տապալելէ ետք

By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 18 Յունիսին Ազգային ժողովի նիստին ընդդիմադիր քառեակը տապալեց «Կուտակային կենսաթոշակի մասին» կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքի նոր նախագիծի քուէարկութիւնը, ինչ որ ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Զուրաբեան նկատեց պատմական պահ:


«Կարեւոր պատմական պահ էր. փաստօրէն առաջին անգամ ստացուեց տապալել քուէարկութիւնները, որովհետեւ նման բան չէր եղել, որ մեծամասնութիւնը չկարողանայ իր ուզած օրէնքի նախագիծը անցկացնել: Այսօր այս երկարատեւ համագործակցութեան ընթացքից յետոյ մենք հասանք այս պահին: Սա իրականում ցոյց է տալիս, որ մենք կարող ենք շատ լրջօրէն պայքարել: Փաստը մնում է փաստ, որ իրենք մնացել են մեծամասնութեան շեմի վրայ, այսինքն ցանկացած պահի իրենց քուէարկութիւնը ապահովագրուած չի: Հիմա մենք պէտք է այս պահը օգտագործենք, ձեզանից էլ սպասում ենք ակտիւութիւն դրսում, միասնական ջանքերով պիտի փորձենք սրա դէմը առնել», քուէարկութենէն ետք Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ հաւաքուած գործիչներուն ըսաւ ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Զուրաբեանը, որ Արծուիկ Մինասեանի, Ռուբէն Յակոբեանի եւ Միքայէլ Մելքումեանի հետ դուրս ելաւ շէնքին առջեւ ցոյց կատարող «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամներուն հետ հանդիպելու համար:

ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը նշեց, որ կառավարութիւնը ներկայացուցած էր «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» 250 էջնոց թղթածրար, որով ոչ միայն կուտակային կենսաթոշակներու մասին մայր օրէնքը կը փոխեն ամբողջութեամբ, այլ նաեւ բազմաթիւ յարակից օրէնքներու նախագիծեր կը ներկայացուին, սակայն նախապէս ոչ մէկ պատգամաւոր անոր բովանդակութեան ծանօթ էր:

«Սա նշանակում է, որ բացարձակապէս տեղեկատուութիւն չկայ, թէ նոր օրէնքն ինչ է իրենից ներկայացնում: Երկրորդ, մենք՝ Քառեակը, արձանագրեցինք, որ այն ինչ դրուած է քուէարկութեան, հակասում է Հայաստանի օրէնսդրութեանը, մասնաւորապէս, իրաւական ակտերի մասին 27.1 յօդուածին, համաձայն որի՝ նորմատիւ իրաւական ակտերի նախագծերը պարտադիր հանրային քննարկման են դնում եւ նուազագոյնը 15 օր առաջ, կառավարութիւնում էլ նման ընթացակարգ կայ, որ պէտք է դրուի հանրային քննարկման: Մենք արձանագրեցինք՝ դա խախտուած է, եւ նման ձեւով չի կարելի այս հարցը քուէարկել: Քառեակը փորձեց նաեւ տապալել քննարկումների ընթացքը, մեզ յաջողուեց, փաստօրէն, երկու քուէարկութիւն ձախողել, ինչը պարտադրեց մեծամանութեանը, որ իրենք էլ այսօր հարցը չդնեն քուէարկութեան, փորձեն անցնել այլ հարցերի քննարկմանը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Պատգամաւորը հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ առանց քննակման քուէարկութիւն կատարուի. «Վստահ եմ, որ մենք բոլորս այս հարցում միասնական ենք եւ փորձելու ենք թոյլ չտալ հարցի քուէարկութիւնն ու քննարկումը առնուազն այնքան ժամանակ, քանի դեռ չի հրապարակուել, եւ հանրութիւնը չի ծանօթացել, իր տեսակէտները չի ներկայացրել, քանի դեռ քաղաքական պահանջները չեն իրականացուել այդ փաստաթղթում, ու այդ փաստաթուղթը չի համապատասխանեցուել բարձր դատարանի որոշման պահանջներին»:

Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ եթէ իրենք չյաջողին կասեցնելու օրէնքի ընդունումը, «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հետ մշակուած օրէնքի նոր նախագիծ պիտի ներկայացնեն:

Զուրաբեան տեղեկացուց. «Ես չգիտեմ՝ վաղը կը դնեն քուէարկութեան, թէ չէ, յամենայնդէպս, հիմա իրենք զբաղուած են իրենց պատգամաւորներին հաւաքելով»:
«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները նշեցին, որ յաջորդ օրն ալ պիտի հաւաքուին Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ՝ բողոքի ցոյց կատարելու, եթէ օրէնքը քուէարկութեամբ ընդունուի Ազգային ժողովին մէջ։

Յիշեցնենք, որ կառավարութեան առաջարկով՝ 18 Յունիսին գումարուած է Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: Նիստի օրակարգին վրայ էին շարք մը աղմկայարոյց օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, մասնաւորապէս, «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» եւ այլ օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու՝ կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը։

 

comments