By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններու վեցերորդ համագումարը՝ «Մեծ Եղեռնի 100րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով: Համագումարին կը մասնակցին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ թեմերու եւ կառոյցներու մէջ ծառայող 93 միաբաններէն 75ը:
Համագումարին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեանը: Համագումարի մասնակիցները ողջունեցին նաեւ հաւաքին մասնակից Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Անանիա վարդապետ Գուջանեանը եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութենէն Զակքէոս Ծ. վարդապետ Օհանեանը:
Հայրապետական իր օրհնութիւնը տուաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ շատ կարեւոր նկատեց համագումարի կայացումը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ եւ անդրադարձաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կատարած ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայ ժողովուրդին կրած աղէտալի կորուստներուն, որուն պատճառով 1.5 միլիոն հայութիւն մահուան դատապարտուեցաւ, հայրենազրկուեցաւ ազգը, կործանուեցան հազարաւոր եկեղեցիներ, ոչնչացուեցան ազգային-մշակութային արժէքներ, խանգարուեցաւ եկեղեցական ու ազգային կեանքը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ, հակառակ այդ ոճրագործութեան, հայ ժողովուրդը առ Աստուած ապաւինութեամբ, հաւատքով եւ յոյսով ամէնուր լծուեցաւ իր կեանքի վերակերտման, համախմբուեցաւ ազգային, եկեղեցական կառոյցներու շուրջ, արդար քրտինքով, տառապանքով դրաւ իր անկախ պետականութեան հիմերը:
Այս պարունակին մէջ անդրադառնալով հայ եկեղեցականին առաքելութեան՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը նշեց. «Բազում են դժուարութիւնները, մեր ժողովրդի, պետութեան ու Եկեղեցու առջեւ ծառացած խնդիրները, սակայն մենք՝ որպէս Քրիստոսին հաւատացող ժողովուրդ, գիտենք հեռու վանել մեզանից վհատութիւնն ու թերահաւատութիւնը, գիտենք հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները: Եւ այս առաքելութիւնը ծանրացած է հայ եկեղեցականի ուսերին՝ ոգի ներշնչելու դժուարութիւնների մէջ մեր ժողովրդին, լաւատեսութիւն պարգեւելու, գօտեպնդելու, հաւատքի յոյսի լոյսով շողացող ճանապարհների վրայ առաջնորդելու մեր ժողովրդի զաւակների կեանքը»:
Ան յորդորեց միաբանները, իբրեւ տէրունական պատգամներու ու պատուիրաններու ճշմարիտ քարոզիչներու, յոյսով, հաւատքով ու լաւատեսութեան ոգիով գօտեպնդելու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, օգնելու անոնց՝ յաղթահարելու կեանքի դժուարին իրավիճակները եւ ազգային միաբանութեամբ առաւել ամրապնդելու մեր հայրերու դարաւոր տեսիլքը՝ հայոց անկախ պետականութիւնը, եւ կերտելու հայութեան բարօր ու երջանիկ կեանքը:
Աւարտին Ամենայն Հայոց հայրապետը յաջողութիւն մաղթելով համագումարի աշխատանքին՝ վստահութեամբ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձը աւելի պիտի զօրացնէ միաբանները՝ ազգային կեանքին մէջ լաւագոյնս տեսնելու ուղիղ եւ ճշմարիտ ճանապարհը հայ եկեղեցականի առաքելութեան եւ առաւել խանդավառ կատարելու իրենց հովուական ծառայութեան վեհ ու աստուածահաճոյ գործը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ