By Asbarez | Wednesday, 18 June 2014
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ կը նախատեսուի առեւտուրի նպատակով տարածք կառուցել եւ տրամադրել գործարարներու:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի համաձայն՝ ՀՅԴի մտահոգութիւններուն կարգին միշտ ալ եղած է վերաբնակեցուած շրջաններուն մէջ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը, եւ բաւարար արդիւնք ապահովելու համար պէտք է նոր աշխատատեղեր բացուին:
Ան դիտել տուած է, որ մեկնելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային ծանր պայմաններէն՝ Կեդրոնական կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ իր ուժերը լարած է՝ փորձելով լուծել կարգ մը ընկերային հարցեր:
Այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին կուսակից ընկերներու, ինչպէս նաեւ համակիրներու նուիրատուութիւններուն միջոցով՝ Կովսականի մէջ առեւտուրի պայմաններ ստեղծելու առումով:
Բոլոր գործարարներուն պիտի տրամադրուի տարածք, որ կարելիութիւն պիտի տայ մանաւանդ կիներուն, որ աշխատավայր բանան։
Ան յոյս յայտնած է, որ այս նախաձեռնութեան կը միանան նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ընկերները եւ համակիրները:
«Ինչպէս բազմիցս նշուել է՝ Դաշնակցութիւնը նաեւ աշխատանքի կուսակցութիւն է: Որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն՝ մեզ համար երկրում սոցիալական խնդիրների լուծման, սոցիալական արդարութեան հաստատման հարցը միշտ առաջնային տեղում է: Համոզուած ենք, որ մնայուն եկամուտներ ապահովելու համար կարեւոր է մնայուն աշխատանք ունենալը, եւ միայն այդ ճանապարհով է, որ ձեռք բերուած եկամուտները կարող են նպաստել սոցիալական իրավիճակի բարելաւմանը», նշած է Դաւիթ Իշխանեան:
Յիշեցնենք, որ հիմնականին մէջ Կովսականի մէջ կեդրոնացած են սուրիահայերը, որոնք, հակառակ այն հանգամանքին, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութենէն եւ կարգ մը կազմակերպութիւններէ ստացած են տարբեր օժանդակութիւններ, այնուամենայնիւ անոնց համար մնայուն աշխատանք ունենալը տակաւին առանցքային եւ չլուծուած խնդիրներէն է։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ