Նախագահ Սարգսեան այցելեց Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցի

By Asbarez | Thursday, 19 June 2014

 

Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հայաստանի պետական պատուիրակութիւնը, 19 Յունիսին այցելեցին Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի: Անոնք դիմաւորուեցան Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, հոգեւոր դասուն, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտներուն, վիրահայ համայնքի պաշտօնէութեան եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:


Հայոց հինաւուրց եկեղեցւոյ մէջ մոմեր վառելէ ետք հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնը այցելեց Թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոն: Բարի գալուստի ջերմ խօսքերով եւ Հայաստանի ու Վրաստանի պետական քայլերգներու կատարմամբ Հայաստանի նախագահը դիմաւորեցին Մովսէս Խորենացիի անուան նախակրթարանի սաները: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը նախագահին ներկայացուց կեդրոնը, պատմեց այս մշակութային օճախի գործունէութեան մասին, որ նպատակաուղղուած է Վրաստանի մէջ մայրենի լեզուի պահպանման, ազգային մշակոյթի զարգացման, հայ-վրացական բարեկամական կապերու խորացման:

Նախագահը նաեւ դիտեց Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ կազմակերպուած «Ջաւախք աշխարհն իր եկեղեցիներով» խորագիրով երիտասարդ նկարիչներ Արման Թորոսեանի եւ Հրաչեայ Սաֆարեանի անհատական ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերը:


comments

Advertisement