Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, 23 Յունիսին տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով:


Ժողովին սկիզբը խորհուրդի անդամներուն իր օրհնութեան խօսքը փոխանցած է Ամենայն հայոց հայրապետը՝ ողջունելով նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ներկայութիւնը այդ ժողովին: Ան ընդգծած է, որ ժողովը գումարուած է նկատի ունենալով Երուսաղէմի պատրիարքին Մայր աթոռի մէջ գտնուելու պարագան՝ քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ հրատապ լուծում պահանջող հարցեր, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ թեմերու եւ կառոյցներու գործունէութեան վերաբերող խնդիրներ: Ապա վեհափառ հայրապետը հրաւիրած է Երուսաղէմի պատրիարքը՝ ատենապետելու ժողովին:

Ժողովին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման եւ միւռոնօրհնէքի արարողութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին մասին զեկոյցներ ներկայացուած են, ապա Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը գնահատած է այդ առնչութեամբ տարուող աշխատանքը։

Որոշուած է միւռոնօրհնէքի յաջորդ արարողութիւնը կայացնել 27 Սեպտեմբեր 2015ին՝ Ս. Վարագայ խաչի տօնին:

Վիրահայոց թեմին վերաբերող խնդիրներուն մասին զեկուցած է թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը: Անդրադառնալով թեմական կեանքին՝ ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնած են Վազգէն սրբազանին եւ թեմի եկեղեցականներուն՝ Վրաստանի մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման ուղղուած իրենց նուիրեալ ջանքերուն համար:

Ներկայացուած է նաեւ զեկուցում մը՝ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է եկեղեցականներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ սաներու հաւաքագրման եւ ընդունելութեան գործընթացին: Ընդգծելով աշխարհասփիւռ հայութեան հոգեւոր կարիքը հոգալու համար բաւարար թիւով եկեղեցականներու պատրաստութեան հրամայականը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ հաստատել հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու դիմորդներու հաւաքագրման յատուկ գրասենեակ: Այս առնչութեամբ հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչին յանձնարարուած է հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մասին պատրաստել տեղեկագիրներ՝ Նուիրապետական աթոռներու հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ համախորհուրդ, մշակել թեմերուն եւ համայնքներուն մէջ ճեմարաններու կարեւոր առաքելութեան եւ գործունէութեան իրազեկման ուղղուած ծրագիր մը, որ հրաւէր պիտի ըլլայ երիտասարդութեան՝ ուսումնառութիւնը շարունակելու հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մէջ եւ ծառայելու եկեղեցւոյ։


comments

Advertisement