By Asbarez | Monday, 23 June 2014
Կարս նահանգի նահանգապետներ, որոնք սահմանային հարցերու մասին բանակցելու լիազօրութիւնը ունին, Հայաստանի սահմանային Գիւմրի քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային հարցերու լիազօրներու հետ։
Թրքական կողմէն այդ հանդիպման կը մասնակցէին Արփաչայի նահանգապետ Ֆարուք Էրտեմ, Ագիագայի նահանգապետ Օսման Ուղուրլու, Տիկորի նահանգապետ Նեւզատ Գարգաճը եւ զինուորական մասնագէտ Այհան Օճաք։
Երկու կողմերու պատուիրակները քննարկեցին սահմաններու ապահովութեան ու սահմանագիծին վրայ կայանալիք աշխատանքներու հարցերը։ Հանդիպման ընթացքին համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ սահմանաքարերու, սահմանանշաններու, հանդիպման կէտերու եւ այլ սահմանային հարցերու գծով կատարուելիք աշխատանքին վերաբերեալ։ Հայաստանեան կողմը յանձնառու եղաւ, որ մինչեւ Յուլիսի վերջաւորութիւն՝ ամբողջացնէ սահմանաքարերու ու սահմանային նշաններու վերաքննութիւնը։
Կողմերը համաձայնեցան, որ յաջորդ հանդիպումը կայանայ Թուրքիոյ մէջ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ