Ըստ Մամետեարովի Արցախի հարցի լուծումը կայ արդէն

By Asbarez | Monday, 23 June 2014

 

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Ատրպեճանական մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ժամանակաւորապէս Եւրոպական Խորհուրդի Խորհդրանական վեհաժողովի նախագահութիւնը ստանձնած Էլմար Մամետեարով, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտարարած է, որ Արցախի հակամարտութիւնը կը նշանակէ «Ատրպէյճանի հողերու զաւթում»:


«Անշուշտ այս հակամարտութիւնը լուծելու համար բազմաթիւ քննարկումներ կատարուած են: Մենք կը խորհինք, որ Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու յանձնաժողովը կրնայ կարեւոր ներդրում ունենալ խաղաղութիւն հաստատելու այդ շրջանին մէջ: Իբրեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար, որ ուղղակիօրէն կը մանսակցի Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն, ես կրնամ ըսել, որ հակամարտութեան լուծման ծրագիրը կայ արդէն: Իմ ակնարկը միջազգային օրէնքի չափանիշները եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որոշումներուն մասին է: ՄԱԿը վստահելի կառոյց է, որուն ոորշումները պէտք է յարգուին Մենք յոյս ունինք, որ Եւրոպական Խորհուրդը փոփոխութեան պիտի չենթարկէ հողային ամբողջականութեան գծով իր որդեգրած սկզբունքը», յայտարարած է Մամետեարով:

 


comments

Advertisement