By Asbarez | Monday, 26 September 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը գրէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը։
Նիւ Եորքի «Վոլտորֆ Ասթորիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած 1.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպման մասնակցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար, Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիք եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննած են Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջերկրական ծովու մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին եւ Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕի հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման առնչուող հարցեր։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ