By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեանը հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան ընթացքը եւ խորացման հեռանկարները: Վարչապետ Աբրահամեան գոհունակութիւն յայտնած է, որ Արցախի վարչապետին եւ կառավարութեան անդամներուն հետ քննարկումները եղած են դրական, արծարծուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր, ձեռք բերուած են յստակ համաձայնագիրներ: Յովիկ Աբրահամեան շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ Արցախի անվտանգութիւնն ու տնտեսական զարգացումը ապահովելու համար:
Երկուստեք ընդգծուած է համագործակցութեան եւ կապերու մնայուն ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս հայկական երկու հանրապետութիւններու համաչափ տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն նախապայման:
Հանդիպումէն ետք Յովիկ Աբրահամեանն ու Բակօ Սահակեանը շրջագայած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ