Հիրոշիմայի ողբերգութիւնը խորհրդանշող խաղաղութեան յուշաքար Երեւանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքի հիւլէական ռմբակոծումէն 69 տարի ետք՝ 25 Յունիս 2014ին, այդ ողբերգութիւնը խորհրդանշող Խաղաղութեան յուշաքար տեղադրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին կից գտնուող մանկական զբօսայգիին մէջ։ Յուշաքարը կը յիշեցնէ խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ խորհրդանշական քայլ է՝ հայ- ճափոնական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով։


Յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Ճափոնէն Հայաստան եկած պատուիրակութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով ներկաները՝ Հայաստանի նախագահի օգնական Վարուժան Ներսիսեան նշեց, որ 2012 թուականին նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ճափոն, ուր բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման առնչուող փաստաթուղթ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ: «Փաստաթղթում ամրագրուած դրոյթները վերաբերում են միջպետական յարաբերութիւնների բոլոր ոլորտներին եւ Խաղաղութեան յուշաքարի բացումն այսօր եւս մէկ խորհրդանշական քայլ է ուղղուած հայ- ճապոնական յարաբերութիւնների խորացմանը: Մենք գնահատում եւ արժեւորում ենք այն մօտեցումը, որն ընտրուել է Խաղաղութեան քարի ասոցիացիայի կողմից՝ խաղաղութեան պատգամն աշխարհով մէկ սփռելու համար», նշեց նախագահի օգնականը:

Հայաստանի մէջ Ճափոնի փոխդեսպան, նախարար Թաքաշի Քուրային նկատել տուաւ, որ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ հիւլէական ռումբի արձակումէն 69 տարի ետք՝ այսօր եւս Ճափոնի մէջ կան մարդիկ, որոնք կը տառապին հիւլէական ռմբակոծման հետեւանքներէն: «Նման բան այլեւս երբեք պէտք չէ կրկնուի: Հայաստանին նախաձեռնութեամբ տեղադրուող Խաղաղութեան քարը կը խորհրդանշէ Ճափոնի ժողովուրդին փափաքը՝ խաղաղութեան մէջ ապրելու, խաղաղ աշխարհ ունենալու՝ առանց պատերազմի, ցեղային, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային խտրականութեան: Կը կարծեմ, թէ փոփոխական միջազգային իրավիճակին մէջ մեր երկու երկիրները կրնան համագործակցիլ խաղաղութեան հաստատման իմաստով», դիտել տուաւ փոխդեսպանը։

«Հիրոշիմայի խաղաղութեան քար» միութեան գլխաւոր քարտուղար Եոճի Օքամոթոն ընթերցեց Հիրոշիմայի քաղաքապետին ուղերձը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեանին՝ իւրաքանչիւր տարուան 6 Օգոստոսին Հիրոշիմայի խաղաղութեան յիշատակի այգիին մէջ կայացող ոգեկոչման արարողութեան մասնակցելուն համար:

Ճափոնէն եկած պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի մնայ երկու օր եւս՝ ծանօթանալու Հայաստանին եւ անոր մշակոյթին։ «Մեր այցելութեան միւս օրերը պիտի տրամադրենք Հայաստանին ծանօթանալու եւ համագործակցութեան ապագայի ուղիներ փնտռելու, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելենք: Շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի նախագահին՝ Խաղաղութեան քարը տեղադրելու որոշումը տալու պատրաստակամութեան համար», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է միութեան նախագահ Միչիքօ Ումեմոթօն:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement