Անիէս Վահրամեան նշանակուած է «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու բաժինի խմբագրապետ

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

 

Տարի մը առաջ ֆրանսական պետական պատկերասփիւռի «Ֆրանս 2» կայանի խմբագրութեան փոխտնօրէնուհի նշանակուելէ ետք, Անիէս Վահրամեան նշանակուեցաւ երեկոյեան ժամը 8ի լրատուութեան խմբագրապետ: Կայանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այս պաշտօնը կը յանձնուի կնոջ մը: Անիէս Վահրամեան «Ֆրանս 2» մուտք գործած է 1991ին, վարժողական դասընթացքի մը համար: 1994ին ան սկսած է աշխատելու իբրեւ թղթակից՝ կայանի օտար քաղաքականութեան սպասարկութեան բաժինին մէջ:


comments