Արցախի սահմանը պաշտպանող Արմէն Աւետիսեանը կ՛իյնայ թշնամիի գնդակով

By Asbarez | Wednesday, 25 June 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ Երեքշաբթի, 24 Յունիսի գիշերուան ժամը 22:50ին, ղարաբաղաատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին վրայ դիրք բռնած զինուոր, 1995ին ծնած Արմէն Աւետիսեան, թշնամիի գնդակին զոհ գացած է:


Նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 25ին հրամանագիր ստորագրած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի 3րդ հրաձգային վաշտի 1ին հրաձգային դասակի 1ին հրաձգային ջոկի գնդացրորդ, շարքային Արմէն Աւետիսեանը յետ մահու պարգեւատրելու» մասին:

Նահատակ Աւետիսեան պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով:


comments