Մամիկոն Խոջոյեանի արեան մէջ կար նաւթամթերք եւ հոգեմետ դեղեր

By Asbarez | Thursday, 26 June 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մօտ մէկ ամիս Ատրպէյճանի մէջ գերի մնացած, ապա Հայաստան վերադարձուած Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ, 77ամեայ Մամիկոն Խոջոյեանի մահուան դատաբժշկական փորձաքննութեան արդիւնքները յստակացած են: Անոր մէզին մէջ յայտնաբերուած են նաւթամթերք եւ հոգեմետ դեղամիջոց: «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ոստիկանութեան լրատուական ծառայութիւնը:

 


comments