By Asbarez | Friday, 27 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».– 27 Յունիսին սփիւռքի նախարարութեան նստավայրին մէջ կայացաւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողով»ի նիստը՝ գլխաւորութեամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետ Արտակ Մանգասարեան տեղեկութիւն տուաւ սուրիահայերու մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի ապահովման վերաբերեալ: Ըստ անոր՝ 2013–2014ին Զբաղուածութեան տարածքային կեդրոնները աշխատած են շուրջ 950 սուրիահայու հետ: 2013ին, ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ֆինանսաւորումով իրականացուած է նաեւ «Աջակցութիւն սիրիահայերի զբաղուածութեան խթանմանը» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ կազմակերպուած է աշխատանքի տօնավաճառ Երեւանի մէջ, աշխատանք կարելի եղած է ապահովել բազմաթիւ սուրիահայերու, ինչպէս նաեւ կատարուած է սուրիահայերու մասնագիտական վերաորակաւորումներ՝ տարբեր մասնագիտութիւններով:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ հայաստանեան գործատէրերը օրէ օր առաւել բարձր կը գնահատեն սուրիահայ մասնագէտներուն, արհեստաւորներուն մասնագիտական կարողութիւնները եւ մարդկային որակները։ Անոր համաձայն՝ սփիւռքի նախարարութիւնը աւելի մեծ թիւով դիմումներ կը ստանայ սուրիահայերուն աշխատանքի առնելու վերաբերող:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան ներկայացուց սուրիահայերու 2014–2015 տարեշրջանի հանրակրթական եւ բարձրագոյն կրթութեան ուսումնառութեան կազմակերպման առնչուող աշխատանքները: Նշուեցաւ, որ սուրիահայ աշակերտներու ընդունելութիւնը կազմակերպուած է ոչ միայն ուսումնական տարուան սկիզբը, այլ նաեւ ամողջ տարուան ընթացքին, ուստի երեխաները դուրս չեն մնացած կրթական համակարգէն: Հայաստանի հիմնական եւ աւագ դպրոցներ կը յաճախեն շուրջ 1000 սուրիահայ երեխաներ:
Աւագ դպրոցներուն մէջ աշակերտները կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ արեւմտահայերէնով սորվելու:
Մեծապէս կարեւորելով արեւմտահայերէնի պահպանման խնդիրը՝ սփիւռքի նախարարը նշեց. «Սիրիահայերը արեւմտահայերէնի կրողներ են, եւ ինչպէս դպրոցական, այնպէս էլ ԲՈՒՀական կրթութեան ընթացքում նրանք պէտք է ապահովուեն արեւմտահայերէնի ուսուցման անհրաժեշտ ծրագրերով եւ նիւթերով»: Նախարարը առաջարկեց նաեւ արաբերէնին լաւապէս տիրապետող սուրիահայերուն համար հաստատել արաբերէն թեքումով հիմնական եւ աւագ դպրոց:
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողով»ի անդամ Լեւոն Սարգսեան կարեւոր նկատեց դասական ուղղագրութեան կանոններու տիրապետելու նպատակով դպրոցներուն մէջ առնուազն միամսեայ դասընթացներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:
ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Լիանա Խարատեան հանդէս եկաւ սուրիահայերուն ցուցաբերուող պարէնային աջակցութեան ծրագիրի ընթացքի վերաբերեալ զեկոյցով: Այս ծրագիրով 5 հանգրուանով շուրջ 5000 սուրիահայեր ստացած են պարէնային ծրարներ:
Սեպտեմբերին պիտի աւարտի սուրիահայերուն նկատմամբ ցուցաբերուող պարէնային աջակցութեան ծրագիրով նախատեսուած հանգրուանը, սակայն Խարատեան հաստատեց, որ ամէն ինչ պիտի ընեն՝ ծրագրի շարունակականութիւնը ապահովելու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակին՝ նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատեց ծրագիրի հետագայ հանգրուաններու գործադրութիւնը՝ սուրիահայերու կարիքներուն հիման վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւն դիմած սուրիահայերուն համար հաշուապահական վերապատրաստման դասընթացներ կազմակերպելու, ռուսերէնի եւ արեւելահայերէնի դասընթացքները շարունակելու, ինչպէս նաեւ կարիքաւոր սուրիահայ երեխաներուն ամառնային հանգիստը կազմակերպելուն վերաբերող հարցեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ