By Asbarez | Monday, 30 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ադրբեջանական կողմի վերջին օրերի ագրեսիան պայմանաւորուած է թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին գործօններով»: Եռաբլուր պանթէոնին մէջ քանի մը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը՝ անդրադառնալով վերջին օրերուն հայ–ատրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ ստեղծուած լարուածութեան: «Նրանք այդպիսով ցանկանում են նաեւ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, սակայն չեն հասկանում, որ այդ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար ոչ թէ պէտք է լարուածութիւն ստեղծել սահմանին, այլ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել», հաստատած է Ս. Օհանեան:
Անոր համաձայն՝ հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններու եւ սահմանին վրայ անընդհատ լարուածութիւն ստեղծելու կացութեան մէջ հայկական կողմին կը մնայ թշնամին զսպող քայլերու ձեռնարկել: «Մեզ մնում է կանխարգելիչ քայլեր ձեռնարկել եւ հակառակորդին խիստ եւ զսպող պատասխան տալ», նշած է նախարարը:
Յայտնենք, որ ատրպէյճանական կողմի ռմբակոծութեան պատճառով շաբաթավերջին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չէզոք հատուածին մէջ հրդեհ բռնկած է: Հակառակորդը մօտ 2 ժամ ռմբակոծած է սահմանամերձ Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Բարեկամաւան գիւղերը, որոնք զգալի վնասներ կրած են:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ