By Asbarez | Wednesday, 02 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի աթոմական ելեկտրակայանի հիմնովին նորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին 2017 թուականին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2026 թուական: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը: Անոր համաձայն՝ աթոմական ելեկտրակայանի նորոգութիւնը, նախնական հաշիւներով, պիտի արժէ շուրջ 300 միլիոն տոլար: «Աշխատանքները կարող են տեւել աւելի քան 6 ամիս, որը հնարաւոր է ազդեցութիւն ունենայ նաեւ էլեկտրաէներգիայի սակագնի վրայ: Սակայն Կառավարութիւնը ծրագրեր ունի, որ մօտակայ տարիների ընթացքում կառուցուի Երեւան æԵԿի 2րդ բլոկը, որն աւելի ձեռնտու կը լինի սակագնային առումով», աւելցուցած է Զախարեան:
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ նոր աթոմակայանի կառուցման՝ նշելով, որ այդ առնչութեամբ աշխատանքները հաւանաբար սկսին 2018-2019 թուականներուն: «Նոր ատոմակայանի կառուցումն անխուսափելի եւ անհրաժեշտ է Հայաստանի տնտեսութեան համար: Այսօր բանակցութիւններ են տարւում Ռուսաստանի եւ այլ երկրների հետ, նպատակաուղղուած աշխատանք է կատարւում, որ նոր ատոմակայանի կառուցման աշխատանքները սկսենք 2018-2019 թուականներին», նշած է նախարարը։
Աթոմական ելեկտրակայանի շահագործման ժամկէտը մինչեւ 2026 թուական երկարաձգելու որոշումը տրուած է կառավարութեան կողմէ՝ Սեպտեմբեր 2013ին։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ