By Asbarez | Thursday, 03 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 3 Յուլիսին ընդունած է Լիբանանի ուժի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը։
Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ աւանդական բարեկամական կապերը՝ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է. «Որպէս Հայաստանի վարչապետ անելու եմ ամէն ինչ, որպէսզի մեր երկու երկրների յարաբերութիւններում ակնյայտ դրական տեղաշարժ արձանագրուի, ու բազմաոլորտ համագործակցութիւնն աւելի ակտիւանայ եւ ամրապնդուի»:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական գործակցութեան զարգացումը եւ առկայ ողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը: Այս առումով երկուստեք անհրաժեշտ նկատած են միջկառավարական միացեալ յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացումը, ինչ որ թափ պիտի տայ տնտեսական յարաբերութիւններուն: Յովիկ Աբրահամեանն ու Արթիւր Նազարեանը միտքեր փոխանակած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձած են ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ լիբանանահայութեան դիմաց ծառացած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Հայաստանի վարչապետը ջերմ ողջոյններ փոխանցած է Լիբանանի իր գործընկերոջը եւ հրաւիրած է իրեն յարմար թուականի Հայաստան այցելելու։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ