Սէյրան Օհանեան այցելած է հիւսիսարեւելեան հատուածի զօրամասեր եւ մարտական յենակէտեր

By Asbarez | Monday, 07 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասերուն ու մարտական յենակէտերուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Նախարարը տեղւոյն վրայ ծանօթացած է յենակէտերուն մէջ սահմանապահներուն ծառայութեան պայմաններուն, հետեւած է զօրամասերուն մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն: Ան զրուցած է զինուորներուն հետ, ծանօթացած առկայ խնդիրներուն, խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին ուշադրութիւն գրաւած եւ առաւել կարգապահ զինուորները:


Զօրամասերու մէջ նախարարը հրամանատարական կազմին տուած է համապատասխան ցուց-մունքներ, յանձնարարած է ամէնէն արագ միջոցին ուղղել արձանագրուած բացթողումները:

Շրջագայութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը բանակային զօրամիաւորման հրամանատարութեան հետ քննարկած է սահմանագիծի իրավիճակը:
Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի եւ մարզի սահմանամերձ քանի մը գիւղերու գիւղապետերու հետ, անոնց հետ քննարկած է սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան խնդիրները: Պաշտպանութեան նախարարը խոստացած է աջակցիլ այդ շրջաններու հարցերու լուծման:

 


comments