Մեկնարկեց «Արի Տուն» 2014 ծրագիրի երրորդ հանգրուանը

By Asbarez | Monday, 07 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 7 Յուլիսին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014ի ծրագիրի երրորդ հանգրուանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրի մասնակիցները ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան նշեց. «Մեր ծրագրի առաքելութիւնն է օգնել ձեզ՝ ճանաչելու Հայաստանը, ծանօթանալու ազգային մշակոյթին, աւանդոյթներին ու սովորոյթներին: Մեր նպատակը կորչող արմատների, հեռացող արժէքների վերականգնումն ու պահպանումն է: Այս ծրագիրը վերադարձնում է յիշողութիւնը ազգային նիստուկացի, սովորութիւնների մասին: Այն ուղղուած է հայկական դիմագիծը, մեր միասնականութիւնը պահելուն: Ես համոզուած եմ, որ այս օրերին ձեր մէջ արթնանալու է հայկականութեան գենը: Եւ կ՛ուզէի, որ Հայաստանի մասին խօսելիս ասէք՝ իմ երկիրը, իմ տունը: Բարով էք եկել ձեր տուն»:

Ելոյթ ունեցաւ «Արի տուն»ի երրորդ հանգրուանի ամէնէն աշխոյժ համայնքի՝ Քանաքեռ-Զէյթունի պատասխանատու Աւետիս Շահումեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր գերատեսչութիւններուն ու կառոյցներուն, որոնք իրենց աւանդն ու ներդրումը ունեցած են ծրագիրի իրականացման իմաստով:

Հիւրընկալ ընտանիքներուն անունով ելոյթ ունեցաւ Մալաթիա–Սեբաստիա համայնքի ներկայացուցիչ Մաղաքեան Լեռ-Լեւոնը, որ արդէն քանի մը անգամ հիւրընկալած է ծրագիրի մասնակիցները:

«Արի տուն» 2014ի ծրագիրի երրորդ հանգրուանին մասնակցելու համար հայրենիք կը գտնուին 170 պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Լեհաստանէն, Պելճիքայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իսրայէլէն, Ուքրանիայէն եւ Վրաստանէն։ Այս հանգրուանին մասնակիցներուն պիտի ընկերանան նաեւ սուրիահայ ուսանողներ Շաղիկ Շադոյեանը եւ Արէս Ռէյիսեանը:

Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին պիտի ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ արդի տեսարժան վայրերուն, պիտի ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներուն հետ, հայրենագիտութեան դասեր պիտի առնեն, սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի աւարտին անոնք ճամբարային 5 օրերը պիտի անցընեն Ծաղկաձորի մէջ:

 


comments