2014ի 5 ամիսներուն Հայաստանին տրամադրուած Է 18.2 միլիոն Տոլարի մարդասիրական օգնութիւն

By Asbarez | Monday, 07 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ըստ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ տրա-մադրուած բեռնամաքսային յայտարարագիրերու տուեալներուն՝ Յունուար-Մայիս 2014ին մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստան բերուած է 1,484,7 թոն ապրանք՝ 7.5 միլիառ դրամ կամ 18.2 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան համաձայն՝ ստացուած օգնութեան 35.5 տոկոսը կազմած են մանածագործական իրերը, 17.1 տոկոսը՝ քիմիական եւ անոնց արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրութիւնը, 10.9 տոկոսը՝ տարբեր արդիւնաբերական ապրանքները, 10.4 տոկոսը՝ մեքենաներ, սարքաւորումներ եւ համակարգեր, 10 տոկոսը՝ սարքեր եւ գործիքներ, իսկ 16.1 տոկոսը՝ այլ ապրանքները:


Հաշուետու ժամանակաշրջանին Հայաստանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ծաւալներուն 30.8 տոկոսը եկած է Հոլանտայէն: Նախորդ տարուան հետ բաղդատելով հոնկէ եկած օգնութիւնը աւելցած է շուրջ 19.8 անգամով:

Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանին փոխանցուած մարդասիրական օգնութիւնը կը կազմէ ընդհանուր ծաւալին 20.5 տոկոսը, Եւրամիութեան երկիրներէն՝ 50.6 տոկոս, ԱՊՀ երկիրներէն՝ 0.9 տոկոս:

comments

Advertisement