By Asbarez | Tuesday, 08 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Շէնգաւիթ վարչական շրջանի Չարբախ թաղամասի նորակառոյց հանգիստի գօտիին մէջ տեղադրուած է հայ քաղաքական գործիչ Մովսէս Գորգիսեանի յուշարձանը: Յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Հայկ Թոքմաջեանը: Յուշարձանի բացումը կատարած են քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Մովսէս Գորգիսեանի այրի Ռուզաննա Գորգիսեանը: Այս մասին տեղեկացուցած է քաղաքապետարանի լրատուական ծառայութիւնը:
Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են նաեւ Մովսէս Գորգիսեանի ընտանիքի անդամները, զինակից ընկերներն ու երեւանցիներ:
Մովսէս Գորգիսեանի անունը կրող Չարբախ թաղամասի այս հանգիստի գօտին բարեկարգուած է Երեւանի քաղաքապետարանի բակերու համալիր բարեկարգման 2013 թուականի ծրագիրի ծիրին մէջ: Շուրջ 6000 քմ. տարածքով հատուածին մէջ կառուցուած է նոր պուրակ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ