«Թուրքիայի հետ խօսելու շատ բան չունենք». Սերժ Սարգսեան

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ.– Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պուէնոս Այրեսի մէջ հանդիպում ունեցած է տեղւոյն լրագրողներէն քանի մը հատին հետ: «Այսօր մենք Թուրքիայի հետ խօսելու շատ բան չունենք: Մենք երկար ժամանակ բանակցել ենք արձանագրութիւնների ստորագրման համար, սակայն Թուրքիայի խորհրդարանը դրանք չվաւերացրեց: Այդպիսով, ինչի՞ մասին պէտք է խօսենք», արժանթինեան «Americaeconom a» հանդէսի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նախագահը:

«Americaeconom a» հանդէսի թղթակից Թելամին գրած է. «Ծանրաբեռնուած օրուան աւարտին Պունէոս Այրեսի պանդոկներէն մէկուն մէջ նախագահ Սարգսեան ընդունեց զիս եւ երկու այլ արժանթինեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Հանգիստ, առանց բաճկոնի եւ փողկապի, անփոփոխ եւ հանդարտ ձայնով Հայաստանի նախագահը չի ստեղծեր ռազմական հերոսի այն կերպարը, որով շատեր զայն կը ճանչնան իր երկրին մէջ: Աւելի քան քսան տարի առաջ Սարգսեան Հայաստանի ռազմական առաջնորդներէն մէկն էր Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի համար Ատրպէյճանի դէմ պատերազմին ընթացքին: Այս հակամարտութիւնը աւարտեցաւ միջազգայնօրէն չճանչուած հայկական պետութեան ձեւաւորմամբ, որ, ըստ Սարգսեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան առաւելագոյն դերը ունեցող հարթակ է»:

«Մենք չենք ընտրում ոչ Ռուսաստանը, ոչ Եւրոպան: Մենք ընտրում ենք երկուսին էլ». պատերազմական թատրերգութենէ եւ ռազմական կեանքի ծայրայեղական մօտեցումներէն հեռու, աւելի քան վեց տարի նախագահի պաշտօնը վարող վաթսունամեայ առաջնորդը կը խուսափի հնչեղ յայտարարութիւններէ: Սակայն իր գործողութիւններուն ընթացքին Սարգսեան առաւել քիչ զիջողականութիւն կը ցուցաբերէ: 2013 թուականին Հայաստանի նախագահը անակնկալի բերած է Եւրոպական միութիւնը՝ յայտարարելով, որ կը կասեցնէ ընկերակցութեան համաձայնագիրը կնքելու շուրջ բանակցութիւնները. ազատ առեւտուրի այն նոյն համաձայնագիրը, որ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամի ծագման պատճառ դարձաւ եւ առաջնորդեց զինեալ հակամարտութեան:

Այս որոշումը յայտարարելու զուգահեռ, կառավարութիւնը սկսաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու գործընթացին. միութիւն, զոր կ՛առաջնորդէ Ռուսիան, եւ որուն կ՛անդամակցին Պելոռուսն ու Ղազախստանը: Սարգսեան կը պարզաբանէ, որ չ՛ուզեր թուլցնել կամ խզել յարաբերութիւնները Եւրոպական միութեան հետ՝ դիտել տալով, որ որոշում տալու ատեն կ՛առաջնորդուի «պարզ տնտեսական հաշուարկով»:

«Տասնամեակներ շարունակ մենք Ռուսաստանի հետ ամուր յարաբերութիւններ ունենք, որոնք չենք կարող խզել», նշած է նախագահը:

Թուրքիոյ հետ Հայաստանի արեւմտեան սահմանը փակ է արդէն երկու տասնամեակէ աւելի, նոյն իրավիճակն է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ: «Եւրոպացիների հետ մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները այն տարբերակով, որը չի խանգարի մաքսային միութեանը մեր ինտեգրուելուն», յայտնած է նախագահը «Amռricaeconom a» հանդէսին։

 


comments