«Կառավարութեան առաջնայնութիւնը ներդրումների ներգրաւմամբ աշխատատեղերի ստեղծումն է». Վարչապետ Աբրահամեան

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի նոր կառավարութեան առաջնայնութիւններից գլխաւորը նոր ներդրումների ներգրաւմամբ մարդկանց համար աշխատեղերի ստեղծումն է», յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի Գիւմրիի մասնաճիւղին մէջ ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

«Մենք ունենք բազմաթիւ ներքին եւ արտաքին խնդիրներ, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց լուծման համար կառավարութիւնը ջանք չի խնայելու: Մեր նպատակն է, որպէսզի արտերկրից Հայաստան ներգրաւենք նոր ներդրումներ, ստեղծենք աշխատատեղեր տարբեր բնագաւառներում: Վստահ եմ, որ ունենալու ենք յաջողութիւն, եւ ես դրանում չեմ կասկածում», նշած է Յովիկ Աբրահամեան:

Անոր համաձայն՝ Շիրակի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուած են կարկուտէն վնասուած բոլոր համայնքներուն խնդիրները, եւ յանձնաժողովը պիտի կատարէ վնասի գոյքագրում՝ գիտնալու համար, թէ ինչպիսի՛ օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել: Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձած է նաեւ այն մտահոգութիւններուն, որոնք կ՛առնչուին ելեկտրականութեան սակի բարձրացման։

Վարչապետին դիտարկմամբ՝ եթէ բարձրացում չըլլար, ապա այդ ոլորտը պիտի ենթարկուէր գահավիժումի եւ Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին ելեկտրականութեան մատակարարումը պիտի հասնէր ընդամէնը 10 ժամի:

«Խնդիրները բազմազան են, եւ Հայաստանի կառավարութիւնն աստիճանաբար գնալու է դրանց լուծմանը: Պարզապէս, անհրաժեշտ է ժամանակ», ընդգծած է կառավարութեան ղեկավարը:

Ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետը խոստացած է կրկին այցելել ուսումնական կեդրոն, քննարկել խնդիրներն ու նոր ծրագիրները:



comments