Սասնոյ Հայկական եկեղեցւոյ աւերակներէն՝ արժէքաւոր գտածոներ

By Asbarez | Wednesday, 09 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասնոյ շրջանի Մարաթուկ լերան վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերակներէն հնամեայ պատմական գիրք մը եւ շարք մը այլ արժէքաւոր գտածոներ յայտնաբերուած են. այս մասին տեղեկացուցած է Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը:


Ըստ թրքական «Մայնեթ» կայքին՝ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն սկսելու համար, կազմակերպուած էր մաքրութեան եւ աւերակ կտորներու հաւաքման արշաւ, որուն մասնակցած են նաեւ Պաթմանի թանգարանի մասնագէտները:

«Աւերակներուն միջէն գտած ենք խաչաձեւ իրեր, ձիու սմբակի նալեր եւ հայերէն գրութեամբ մեծ գիրք մը», կայքին տեղեկացուցած է Տաղճը՝ նշելով, որ գտածոներուն մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են տեղւոյն ոստիկանութեան եւ զանոնք յանձնած են Պաթմանի թանգարանին:

«Մեր նպատակն է 2 տարի առաջ փլուզուած այս եկեղեցին վերականգնել եւ վերանորոգել: Կ՛ենթադրենք, որ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարաթուկ լերան գագաթին գտնուող այս եկեղեցւոյ մէջ յայտնաբերուած գտածոները շուրջ 2000 տարուան պատմութիւն ունին: Նաեւ դիմած ենք Պաթմանի նահանգապետարան՝ դէպի եկեղեցի տանող առանձին ճամբայ մը բանալու փափաքով», եզրափակած է Սասունի հայերու միութեան նախագահը:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement