Ճոն Հեֆըրն Հայաստանի մէջ դեսպանութիւնը աշխարհի լաւագոյն աշխատանքը կը նկատէ

By Asbarez | Friday, 11 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի համաձայն՝ իր աշխատանքը աշխարհի լաւագոյն աշխատանքն է: Այս մասին դեսպանը գրած է Թուիթըրի իր էջին վրայ՝ մեկնաբանելով դեսպանի պաշտօնին Ռիչըրտ Միլզի թեկնածութիւնը:

«Ես ըսի Ռիքին (Ռիչըրտ Միլզին), որ եթէ զայն հաստատեն, ուրեմն ան պիտի ունենայ աշխարհի լաւագոյն աշխատանքը», գրած է դեսպան Հեֆըրն:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին համար առաջարկած է Ռիչըրտ Միլզի թեկնածութիւնը: Եթէ հաստատուի այս առաջարկը, ան պիտի փոխարինէ Հեֆըրնը։

 


comments