Լոյս պիտի տեսնէ Համշէնահայերէնով առաջին ամսագիրը

By Asbarez | Monday, 14 July 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Խումբ մը համշէնահայեր, Համշէնի լեզուն եւ մշակոյթը տարածելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով, կը պատրաստուին տպագրելու համշէնահայերէնով առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ:

Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէնով՝ կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագիրի հրատարակման աջակցելու կոչ ըրած է բոլոր համշէնցիներուն՝ հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թեւ ձգեցէք» (համշէնահայերէն՝ «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք ալ մասնակցեցէք») կարգախօսով:

Ըստ թրքական «Տիճլէ» լրատուական գործակալութեան եւ «Էվրենսել» օրաթերթին՝ համշէնցի ուսումնասիրողներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, երաժիշտներէ եւ ուսանողներէ բաղկացած վերոնշեալ խումբը կը փափաքի «Գոր» ամսագիրի առաջին թիւը հրատարակել Սեպտեմբերին: Ամսագիրի 90 տոկոսը բաղկացած պիտի ըլլայ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան ու մշակոյթին մասին նիւթերէ:

Այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ, ուր անցնող տասնամեակներուն փոքրամասնութիւններու մշակութային ազատութիւններուն հանդէպ հետեւողական կաշկանդում գործադրուած է:

 


comments

Advertisement