By Asbarez | Wednesday, 16 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան հանդիպած է ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, իր դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։ Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկահայ առաջատար կազմակերպութիւններու՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարներուն հետ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կարօ Արմէնեանի, ատենապետ Քեն Խաչիկեանի, Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւններու օրակարգին, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող այլ հարցերու:
Փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնուած է շարունակելու հետագայ համագործակցութիւնը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ