By Asbarez | Friday, 18 July 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արէնփրէս».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու շարքերուն մէջ կը կատարուին կազմակերպչական աշխատանքներ եւ «թայմ աութ» առնելու առնչութեամբ շրջան ընող խօսակցութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Ան դիտել տուած է, որ «քառեակ»ին մաս կազմող չորս կուսակցութիւններուն մէջ ալ ներքին կազմակերպչական գործընթաց մը սկսած է. Հայ Ազգային Կոնգրեսը մարզային կառոյցներուն մէջ հանդիպումներ կայացուցած է, Դաշնակցութենէն Արմէն Ռուստամեան քանի մը օր առաջ յայտարարած է, որ կառոյցներուն հետ հանդիպում կ՛ունենան:
«Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւս հանդիպումներ կ՛ունենայ, «Ժառանգութիւն»ը՝ յետհամագումարային կացութեան մէջ է: Մարտիրոսեանի համաձայն՝ «արձակուրդային իրավիճակ «քառեակ»ում չի լինի եւ, պարզապէս տեղափոխուել են քաղաքական պայքարի մէկ այլ փուլ»: Ան դիտել տուած է, որ կ՛ակնկալուի թէժ քաղաքական աշուն, քանի որ, եթէ մինչ այդ իշխանութիւնները չկատարեն «քառեակ»ին ներկայացուցած 12 կէտերը, իրենք պիտի սկսին պայքարի այլ հանգրուանի մը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ