Արտագաղթի դէմ պայքարող ՀՅԴի ծրագիրը պիտի քննարկուի նաեւ Քառեակի ձեւաչափով

By Asbarez | Monday, 21 July 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի մէջ արտագաղթի կասեցման ծրագիրը տակաւին քննարկումներու հանգրուանի մէջ է, քանի որ բոլորը չեն հասկնար, թէ ինչքան կարեւոր է արտագաղթի դէմ պայքարիլ համապետական ուժերով:


«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴի պատգամաւոր, ծրագիրի ղեկավար Արծուիկ Մինասեանը:

«Ծրագիրը հրապարակելուց յետոյ մենք սկսեցինք քննարկումները: Խնդիրն այն է, որ ոչ բոլորն են հասկանում համապետական մասշտաբով քննարկելու անհրաժեշտութիւն կայ: Մեր առաջին գործողութիւնն այն է, որ իւրաքանչիւրը պէտք է համախմբուեն այս ծրագրի շուրջ, երկրորդ՝ ծրագիրը պէտք է ներառի հանրային բոլոր ոլորտները: Երրորդ կարեւոր գործողութիւնը համապետական ռեսուրսների հաշուառումն է», ըսած է ան։

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ այս ծրագիրը նաեւ պիտի քննարկուի քառեակի ձեւաչափով:

Պատասխանելով «Նիուզ»ի այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնն ալ միանայ այս ծրագիրի կատարման, մանաւանդ որ կուսակցութիւնը 18 Յուլիսին կայացուցած հանրահաւաքին ընթացքին արտագաղթի մասին խօսած է՝ ՀՅԴի պատգամաւորը նշած է. «Նորից եմ ասում, որ սա համապետական նշանակութիւն ունեցող հարց է, որին պէտք է մասնակցեն իշխանութիւնները, ընդդիմադիր ուժերը, եկեղեցին: Խնդիրը միայն խօսելը չէ, աւելի շատ աշխատանքներ պէտք է տանել: Մենք չենք բացառում, հակառակը մենք հրաւիրել ենք բոլորին, դրա մէջ կարող է լինել նաեւ ՕԵԿը: Ցանկացած ուժ պէտք է հասկանայ, որ այս երեւոյթը չի կարող միայնակ լուծել»:

Յիշեցնենք, որ «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» խորագիրով արտագաղթի դէմ ծրագիրը կազմուած է 11 հիմնական ուղղութիւններէ։


comments