Բակօ Սահակեան մասնակցած է զինուորներուն համար կառուցուելիք թաղամասի հիմնարկէքին

By Asbarez | Monday, 28 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Յուլիսին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղ եւ մասնակցած պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն համար նոր բնակելի թաղամասի հիմնարկէքի արարողութեան:


Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է բարերար Հայկ Մաղաքելեանին՝ այդ կարեւոր ծրագիրը ֆինանսաւորելուն համար եւ շեշտած, որ նման քայլեր հայրենիք-Սփիւռք կապերու լաւագոյն դրսեւորումներէն են ու մեծապէս պիտի նպաստեն «Արցախի պաշտպանունակութեան ամրապնդման ու մեր բնակչութեան կենսապայմանների բարելաւման գործին»:

Հիմնարկէքին մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments