Վարդավառի իւրայատուկ նշում Երեւանի մէջ

By Asbarez | Monday, 28 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 27 Յուլիսը՝ Վարդավառի տօնին օրը, իւրայատուկ ձեւով կը նշուի Երեւանի մէջ, ամբողջ քաղաքը կը մասնակցի այս տօնին։ Այս տարի այս առիթով Երեւանի քաղաքապետարանի կազմակերպած նախաձեռնութիւններուն գլխաւորն ու ամէնէն մարդաշատը Կարապի լիaճի տարածքին մէջ տեղի ունեցածն է, ուր՝ կանխատեսելով սպասուած իրադարձութիւնները, կանուխ առաւօտէն օրուան խորհուրդին համահունչ փոքրիկ դոյլեր բաժնուած են բոլորին։ Կարապի լիճը իւրօրինակ ջրամբարի վերածուած էր՝ ջուրի անսպառ պաշար ապահովելով հաւաքուած մեծ ու փոքր երեւանցիներուն, մայրաքաղաքի հիւրերուն, ինչպէս նաեւ անցորդներուն համար:


æրառատ այս տարածքին մէջ ներկաներուն տօնական տրամադրութիւնն ու ուրախ ժամանցը ապահովուած էր նաեւ Երեւանին նուիրուած երգերով ու տօնական ուրախ երաժշտութեամբ: Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հրշէջ մեքենաներէն արձակուող ջուրը եւս յաւելեալ ուժգնութիւն տուաւ օրուան խորհուրդին։
Նշենք նաեւ, որ Կարապի լիճէն անկախ, Երեւանի փողոցներուն մէջ քալողները անմասն չմնացին տօնակատարութենէն, որովհետեւ, ըստ սովորութեան, բոլորն ալ ենթակայ էին ջուրի տարափներու։

Ասոր զուգահեռ, այս ծիրին մէջ մաքրուեցան եւ լուացուեցան նշանաւոր հայրենակիցներու, նաեւ հայ ժողովուրդի բարեկամներու յուշարձանները:

Քաղաքապետարանի համապատասխան ստորաբաժանումներու եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան նաեւ Երեւանի քաղաքապետին կից երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի անդամներն ու կամաւորներ: Երիտասարդները՝ բաժնուելով քանի մը խումբերու, աշխատեցան մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ: Մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն, այգիներուն ու պուրակներուն մէջ լուացուեցաւ աւելի քան 46 արձան:


comments

Advertisement