Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Քանատացի նախարարին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ներդրումին համար

By Asbarez | Wednesday, 30 July 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 30ին ընդունեց Քանատայի աշխատանքի, ընկերային զարգացման բազմամշակութային հարցերու նախարար եւ խորհրդարանի անդամ Ճէյսըն Քենիին:

Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ քանատացի նախարարը իր անկեղծ եւ հետեւողական աշխատանքով իր ուրոյն նպաստը կը բերէ հայ-քանատական բարեկամութեան ամրապնդման գծով:

Երկու կողմերը բարձր գնահատած են նաեւ հայ-քանատական միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը, որուն հիմքը, զրուցակիցներուն համոզումով, երկու ժողովուրդներու քրիստոնէական արժեհամակարգի ընդհանրութիւններն են:

Ճէյսըն Քենի նշած է, թէ այս այցելութիւնը երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ առեւտրատնտեսական կապերը խթանելու պատրաստակամութեան վկայութիւնն է:

Հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է Քանատայի իշխանութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, հայ ժողովուրդին համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող այդ հարցին վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում արտայայտելու համար: Այս ծիրին մէջ, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Ճէյսըն Քենիի անձնական մեծ ներդրումը եւս: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ քանտահայ գաղութին նկատմամբ Քանատայի մէջ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու մասին:

Նշենք, որ նախարար Քենի հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ սփիւռքի նախարարին հետ, նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

 


comments