By Asbarez | Thursday, 29 September 2011
ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Պետութիւններու յարաբերութիւնները ամբողջական չեն, եթէ չունին տնտեսական բաղկացուցիչներ: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու միութեան (MEDEF) ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս:
Պետութեան ղեկավարը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները ունին պատմական խոր արմատներ, իսկ երկիրներու բարեկամութիւնը հիմնուած է մշակութային եւ հոգեւոր ընդհանրութիւններու վրայ: Ըստ անոր, ընդհանրութիւնները այնքան խոր են, որ աշխարհագրական դիրքը չի խոչընդոտեր ամրապնդմանը բարեկամական յարաբերութիւններուն, որոնք ձեւաւորուած են մէկ դար առաջ:
Նախագահը յիշեցուցած է, որ դեռ 19րդ դարուն, ֆրանսացի մասնագէտները պղինձի հանքեր փնտռած են Ալաւերդիի, իսկ ֆրանսացի ճանապարհային ճարտարապետները ներդրում ունեցած են Հայաստանի մէջ երկաթուղիի կառուցման գործին մէջ: Հայերը եւս ներդրում ունեցած են ֆրանսական տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ, աւելցուցած է նախագահը: Այսպէս, փարիզեան սրճարաններէն մէկուն հիմնադիրը ծագումով հայ եղած է: «Այսօր էլ շատ հայեր գործում են Ֆրանսիայի եւ երկու երկրների յարաբերութիւնների ամրապնդման օգտին», նշած է նախագահ Սարգսեան:
Ան մատնանշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծապէս կարեւոր կը համարեն առեւտրա-տնտեսական կապերու ամրապնդումը Ֆրանսայի հետ, որ ներդրումներու ծաւալով՝ երկրորդն է Հայաստանի մէջ:
2011 Յուլիսի դրութեամբ, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ֆրանսական դրամագլուխը կազմած է շուրջ 7 հարիւր միլիոն տոլար: Ներդրումներ եղած են գինեգործութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Հայաստանի մէջ ներկայութիւն հաստատած են նաեւ ֆրանսական մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Օրանժ»ը, «Փեռնոտ Ռիքարտ»ը, «Ալքաթել»ը եւ այլն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ