Էրտողանի Համաձայն՝ Հայաստան Ոչ Մէկ Շահ Ունի Սփիւռքէն

By Asbarez | Sunday, 20 September 2009

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական <<Միլլիյէթ>> օրաթերթը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, թրքական լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուած Ռամատանի ճաշկերոյթին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութեանց։

Էրտողան յայտարարած է, որ <<Մինչեւ Ատրպէյճան-Հայաստան հակամարտութիւնը չլուծուի, մենք սահմանը չենք բանար։ Այդ մասին մենք իրենց ըսած ենք։ Ալիեւ-Մետվետեւ-Սարգսեան հանդիպումները աւելի յաճախակի դարձած են։ Ղարաբաղի խնդիրի լուծման շատ մօտ կէտի մը վրայ ենք։ Մինսկի խումբի աշխատանքները պէտք է արագանան։ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ սկսած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը դրական կերպով առաջ կ՛երթայ, սակայն Մինսկի խումբը պէտք է իր աշխատանքները արագացնէ։ Առանց այս խնդիրի կարգաւորման, մենք քայլ չենք առներ։ Անհրաժեշտ է նաեւ, որ Հայաստան դէմ դնէ Սփիւռքի կողմէն ղեկավարուելու փորձերուն։ Սփիւռքէն՝ Հայաստանի համար, ոչ մէկ շահ կայ>>։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պետական նախարար Ճէմիլ Չիչէք յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը մինչեւ 14 Հոկտեմբեր պիտի չբացուի։ Ան Պաքուի մէջ լրագողներուն ըսած է, որ <<Ատրպեճանական հողերու անարդար բռնագրաւումը պէտք է դադրեցուի։ Սահմանի բացումը մինչեւ 14 Հոկտեմբեր չ՛իրականանար։ Եթէ դուք կ՛ուզէք վստահ ըլլալ, ապա բաւարար է նայիլ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն>>։

Ըստ Չիչէքի, Թուրքիա Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը տեղեակ կը պահէ Հայաստանի հետ տեղի ունեցող բոլոր բանակցութիւններուն մասին։ <<Որոշ ուժեր քարոզչութիւն կը կատարեն, որ վնասեն թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն։ Թուրքիան միշտ Ատրպէյճանի կողքին է։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման>>։

comments

Advertisement