Երկու Նախագահներու Ներկայութեամբ Ազնաւուր Երգեց Հայաստանի Համար

By Asbarez | Thursday, 29 September 2011

 

ՓԱՐԻԶ, «Թեր»չ.-Սեպտեմբեր 28ին, Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի համերգը՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին: Ինչպէս Ֆրանսայէն կը հաղորդէ անկախ լրագրող Ժան Էսքեան, համերգին ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, ինչպէս նաեւ հայ եւ ֆրանսացի պաշտօնատար այլ անձինք:

«Ես կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել երկու նախագահներուն, քանի որ անոնց ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեր պայքարին համար», իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է Շառլ Ազնաւուր:

Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցած են հայ եւ ֆրանսացի արուեստագէտներ, որոնց շարքին՝ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան, ճազ երաժիշտ Տիգրան Համասեան, սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, ֆրանսացի կատակերգու դերասան Միշէլ Լիպ եւ նմանակող Լորան Կերա, երգիչ Փաթրիք Ֆիորի, երգչուհի Հելեն Սեկարա, Ճազմէն Անտրէ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Սեդա Ազնաւուր:

Համերգէն ստացուած հասոյթը պէտք է փոխանցուի «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» բարեգործական ընկերակցութեան:

comments

Advertisement