Ազատամարտի Վեթերաններու Միութիւնը կ՛ուզէ 400 կամաւորներով սահման երթալ

By Asbarez | Tuesday, 05 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ազատամարտի վեթերաններու միութիւնը պատարստակամութիւն յայտնած է՝ կամաւորական խումբերով սահման երթալ եւ հերթապահութիւն ընել:
Միութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Նկատի ունենալով վերջին շրջանում Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանների շփման գօտում, հակառակորդի կողմից իրականացուող ոտնձգութիւնների ակտիւացումը, Հայաստանի եւ ԼՂՀ սահմանամերձ շրջանների անվտանգութեան ապահովման նպատակով ԱՎՄ իր պատրաստակամութիւնն է յայտնում կամաւորական հիմունքներով՝ թուով 350-400 ազատամարտիկներով, Հայաստանի Տաւուշի մարզում երթ կազմակերպելու եւ հերթապահութիւն իրականացնելու նպատակով»։
Միութիւնը դիմած է պաշտպանութեան նախարարութեան՝ արտօնութիւն ստանալու համար:
Նշենք, որ հարիւրաւոր կամաւորներ արդէն մեկնած են մարտական դիրքեր:

comments