Սէյրան Օհանեան այցելած է զինուորական հիւանդանոց

By Asbarez | Tuesday, 05 August 2014

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Հերմինէ Նաղդալեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Ռուզաննա Մուրադեան, Հեղինէ Բիշարեան եւ Կարինէ Պօղոսեան 5 Օգոստոսին այցելած են Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Այս մասին կը յայտնեն պաշտպանութեան նախարարութեան լրա-տուական ծառայութենէն:


Այցելութեան նպատակը հակառակորդին կողմէ վերջին օրերուն զինադադարի դրութեան խախտման տարբեր դէպքերու ընթացքին հրազէնային վէրքեր ստացած եւ հիւանդանոցին մէջ ապաքինող զինուորներուն հետ տեսակցիլն էր: Այցելուները զրուցած են ապաքինող զինուորներուն հետ, բժիշկներուն հետ խօսած են անոնց առողջական վիճակին մասին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին հերոսաբար իրենք զիրենք դրսեւորած հայորդիներուն ծնողներուն:

Այցելութեան ընթացքին հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան իմաստով ցուցաբերած անձնական խիզախութեան եւ նուիրումին, կեանքի գնով ծառայողական պարտքը պատշաճ կատարելու համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Արիութեան մետալով պարգեւատրուած շարքային Նորայր Միքայէլի Քամալեանին յանձնուած է պետական բարձր պարգեւ: Հիւանդանոցին մէջ ապաքինող զինուորներուն Ազգային ժողովի պատգամաւորները յանձնած են նաեւ անուանական ժամացոյցներ:

 


comments