By Asbarez | Wednesday, 06 August 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ».– 5-6 Օգոստոսի լուսցող գիշերը՝ ժամը 11ին, սահմաններուն վրայ հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հարաւ արեւելեան՝ Մարտունիի (Եուսուֆջանլու) ուղղութեամբ ձեռնարկած են հետախուզական ներթափանցման փորձի մը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումների կազմակերպուած գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդը տալով մէկ զոհ (Սահիլ Եաշարօղլու Թառլանլը) եւ վիրաւորներ, յետ է շպրտուել ելման դիրքեր», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի վերոյիշեալ փորձէն, 5-6 Օգոստոսին սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդը զինադադարի դրութիւնը խախտած է շուրջ 370 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 7000 կրակոց։ «Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերի կողմից ձեռնարկուած օպերատիւ քայլերի արդիւնքում՝ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուել են: Ներկայ դրութեամբ հայ դիրքապահները վստահօրէն վերահսկում են Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը», նշուած է նախարարութեան կողմէ։
«Մեր զինուած ուժերի գրոհային աւիացիան թռիչքներ է իրականացնում շփման գօտու երկարութեամբ», աւելի ուշ հաղորդած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ դիտել տալով, որ թռիչքները առնչուած են գետնի վրայ տիրող իրադարձութիւններուն:
«Անհրաժեշտութեան դէպքում Լեռնային Ղարաբաղի օդուժը թռիչքներ է իրականացնելու Արցախի օդային տարածքում», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Սենոր Հասրաթեանը՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ պիտի ռմբակոծէ Արցախի օդային տարածքին մէջ յայտնուող հայկական ռազմական օդանաւերը։ «Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան այսօրուան յայտարարութեան բովանդակութիւնից մենք գալիս ենք այն հետեւութեան, որ Ադրբեջանի ինչպէս միւս ոլորտները, այնպէս էլ հակաօդային պաշտպանութիւնը գտնւում է բաւականին ցածր վիճակում: Ադրբեջանը թող կարգի բերի իր սեփական հակաօդային պաշտպանութիւնը եւ կարողանայ հաւաստանշել մեր օդուժի թռիչքները, նոր միայն հանդէս գայ իրականութեանը չհամապատասխանող պաշտօնական հաղորդագրութեամբ», հաստատած է Սենոր Հասրաթեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ