By Asbarez | Friday, 30 September 2011
ՎԱՐՇԱՒԻԱ.- «Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները նոյնքան եւրոպացի են, որքան մեզնից իւրաքանչիւրը եւ նրանց ջանքերը՝ իրենց հաստատութիւնները զարգացնել հէնց եւրոպական արժէքներին համապատասխան, անշուշտ, արժանի է ուշադրութեան ու աջակցութեան», յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Վարշաւիոյ մէջ Սեպտեմբեր 30ին տեղի ունեցած Եւրոմիութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» գագաթնաժողովի ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ յայտարարած է, որ «Չլուծուած հակամարտութիւնները պէտք է ստանան իրենց արդարացի եւ կայուն լուծումը: Մենք հաւատարիմ ենք մնում Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի եռանախագահների միջնորդութեամբ ընթացող գործընթացին: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար խնդրի լուծման բանալին ժողովրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու նրա կողմից սեփական ճակատագրի ինքնուրոյն տնօրինումն ապահովելու մէջ է»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ