Հայաստանն ու Արցախը միասնաբար կը պաշտպանեն Հայկական երկու պետութիւններու անկախութիւնը

By Asbarez | Monday, 11 August 2014

 

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան խումբ մը անդամներ:

Քննարկուած են Արցախի եւ Հայաստանի տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին:

Երկուստեք նշուած է, որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կողմնակից են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, միեւնոյն ժամանակ հարկ եղած պարագային միասնաբար կը պաշտպանեն հայկական երկու պետութիւններուն անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, հայ ժողովուրդին պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Հանդիպման ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 


comments