By Asbarez | Friday, 30 September 2011
ՎԱՐՇԱՒԻԱ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատ-թքի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա) հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.
«ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Սեպտեմբեր 29ին, Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, ապա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելուն ուղղուած հետագայ քայլերը քննարկելու համար։
«Համանախագահները դարձեալ հաստատած են Մայիս 26ին, Տովիլի մէջ նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի, Սարքոզիի յանձնառութիւնը՝ խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով կողմերուն օգնելու հարցին մէջ։ Համանախագահները նաեւ ներկայացուցած են յառաջիկայ ամիսներուն (մինչեւ Դեկտեմբեր Վիլնիւսի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿի Նախարարներու խորհուրդի հանդիպումը) աշխատանքային ծրագիրը»։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատիլ կողմերուն հետ՝ հակամարտութեան համապարփակ հիմք հանդիսացող հիմնարար սկզբունքներու հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող ներկայ տարակարծութիւնները հարթելու, ինչպէս նաեւ հրադադարի համակարգի պահպանման ուժեղացման, տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման աջակցութեան ու մթնոլորտի բարելաւման ուղղուած լրացուցիչ միջոցառումներ առաջարկելու համար։
Մինսկի խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն մօտիկ ապագային տարածաշրջան այցելել՝ վերոնշեալ աշխատանքային ծրագիրը գործադրելու համար։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ