Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հինգ դրոշմաթուղթեր հրապարակուած են

By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ հինգ դրոշմաթուղթեր դրուած են շրջանառութեան մէջ՝ 29 Յուլիսէն։ Անոնք պատրաստուած են աջակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, որ տրամադրած է բացառիկ լուսանկարներ: Դրոշմաթուղթերէն մէկը նուիրուած է դանիացի միսիոնարներ, մեծ մարդասէրներ Քարէն Եփփէին եւ Մարիա Ճաքոպսոնի:


Միւս դրոշմաթուղթերուն վրայ պատկերուած են 2012ին Պոսթընի մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին, 2003ին Փարիզի մէջ կանգնեցուած Կոմիտասի արձանին, հայ պատմաբան, Հայկական հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատութիւններու հեղինակ Ճոն Կիրակոսեանին եւ 1975ին Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ քաղաքին մէջ տեղադրուած Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին լուսանկարները:


comments

Advertisement