Արցախի նախագահական պալատին մէջ քննարկուած են ներքին եւ արտաքին հարցեր

By Asbarez | Tuesday, 12 August 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու։

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, թէ յատուկ ուշադրութեան արժանացած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը, բանակի մարտունակութեան բարձրացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ իրականացուող աշխատանքները:

Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան, բանակի հրամանատարութեան եւ ողջ անձնակազմին ու միւս կառոյցներու համապատասխան ստորաբաժանումներուն՝ պետութեան սահմանները անսասան պահելու, հակառակորդի ներթափանցման փորձերը կասեցնելու, տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու համար՝ նշելով, որ անոնց աշխատանքը անձնուիրութեան, բարձր մասնագիտացման եւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է, ինչ որ հպարտութիւն կը ներշնչէ ողջ հայութեան:

Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան մարմիններու պատասխանատուներուն՝ քննարկուած հարցերուն եւ անոնց արդիւնաւէտ իրականացման վերաբերեալ:

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 

comments